2015 տարին սկսաւ կլիմայական ցուրտ պայմաններու տակ, որոնք վերջին քանի մը օրերուն հասան իրենց սաստկութեան: Մեկնելով Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած այն որոշումէն, որ կ՛ակնարկէր վարժարաններուն փակուելուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենային այս շաբաթավերջին, յետաձգուած են:
Յառաջիկայ շաբաթ պիտի հրապարակուի նոր յայտագիրը:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ