Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Մունտօ Տեփորթիվօ» կայքը, քաթալոնական Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր դիմաց ունի դժուար առաքելութիւն մը. անհրաժեշտ է, որ իր կազմը յաջորդ երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրէ, որպէսզի ան չհետեւի նախորդ 5 յունուարին պաշտօնանկ եղած մարզական տնօրէն Անթոնի Սուպիսարեթթայի օրինակին:
Անկէ կը պահանջուի Էլչէի (Սպանիոյ բաժակ) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի («Լա լիկա») դէմ անպայման յաղթանակ արձանագրել:
Բացի ատկէ, սպանացի մասնագէտին խորհուրդ տրուած է որոշ ֆութպոլիստներու հետ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ: