Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, վաւերացուց կատարուած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք հանդիպումներուն յայտագիրը:
Վաւերացուեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, եւ անոնց լոյսին տակ հրապարակուեցաւ քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը:
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը հետեւեալն է.
ՇԱԲԱԹ, 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Շապապ Սահել – Ահտ | 13:30 | Սաֆա |
Նըժմէ – Ահլի Սայտա | 13:30 | Ահտ |
ԿԻՐԱԿԻ, 11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
Ռասինկ – Անսար | 13:30 | Ահտ |
Շապապ Ղազիէ – Թրիփոլի | 13:30 | Սաֆա |
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, 3-րդ հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ամալ Մաարաքէ – Սալամ Սուր` 1-0, Ֆաժըր Արապսալիմ – Ժամհիեթ Մաարաքէ` 2-0, Ժալիլ Քանա – Ահլի Պըրժ Ռահհալ` 3-2 եւ Ըխուաթ Խարայեպ – Շապապ Հումին Թահթա` 1-1.
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ – Շապապ Արապի` 2-1, Շապապ Թրիփոլի – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի` 2-1, Շեքքա – Հարաքեթ Շապապ` 3-2 եւ Զամալեք Պէյրութ – ՀՄՄ` 1-1.
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Շարք – Պար Էլիաս` 3-1, Ժապալ Մաժտալպաանա – Հիլալ Հարեթ Նաամէ` 1-0, Նահտա Պար Էլիաս – Պարժալունա` 2-0 եւ Նըժմեթ Սահրա – Իրշատ` 1-1:
Ֆետերասիոնը մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկիով տուգանքի ենթարկեց Անսարը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները Սաֆայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Լիբանանի բաժակ) գտնուած էին անկարգապահ:
Իսկ Նըժմէ ստացաւ աւելի ծանր պատիժ մը` 8 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքով, նոյն տուգանքին ենթարկուեցաւ նաեւ Իժթիմահի (նոյն մրցաշարքը):
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, պիտի կատարուին 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄՄ իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 10 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, երբ Նըժմէի դաշտին վրայ պիտի մրցի Շապապ Թրիփոլիի դէմ: