Ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՖԻԱ-ն «Ֆորմիւլա-1»-ին առնչուող նոր օրէնքներու որոշումներ տուած է:
Այդ որոշումներէն մէկը այն է, որ 2016-էն սկսեալ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող վարորդներուն տարիքը նուազագոյնը պէտք է 18 տարեկան ըլլայ:
Այդ որոշումին ուժի մէջ մտնելէն ետք վարորդներէն պիտի պահանջուի քիչ մը աւելի ցած մակարդակի մրցումներու մասնակցութեան նուազագոյն երկու տարուան փորձառութիւն ունենալ: