Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կատարեց 2014 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` տարբեր դասակարգերու մէջ տիտղոսակիրներուն եւ մրցանակային տեղեր գրաւողներուն:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին նախագահը` Սամիր Սալիպա, իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորելով մրցանակակիրները, յոյս յայտնեց, որ 2015-ին անոնք դարձեալ բարձրանան պատուոյ պատուանդաններուն վրայ:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս մարզը կիրարկուի վարժարաններուն մէջ ալ, որպէսզի թենիսի մարզաշխարհին մէջ այլ ախոյեաններ յայտնաբերուին:
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին յատուկ վկայագիրներ յանձնուեցան նաեւ մարզիչներուն եւ իրաւարարներուն: