Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 9 յունուարին, տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ:
Առաջինը, որ ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ, իրարու դէմ պիտի հանէ Մոնփելիէն եւ Մարսէյը:
Մարսէյ, որ այժմ 41 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, երկու կէտով կը գերազանցէ Փարիզ Սեն Ժերմենը (2-րդ):
Այսօրուան երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ, ուր ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) իրարու դէմ պիտի մրցին Լեվանթէ (17-րդ) եւ Տեփորթիւօ Քորունա (16-րդ):