Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան լքեց իր ակումբը` Պրիպրամը, յայտնեց չեխական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ընթացիկ ախոյեանութեան միջոցին, հայ ֆութպոլիստը ընդհանրապէս չէր մասնակցեր ակումբին կատարած մրցումներուն:
Նախորդ ամսուան աւարտին, Հայրապետեան կարճատեւ հարցազրոյց մը ունենալով հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am-ին հետ, յայտնած էր, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին գծով ցարդ յստակ ոչինչ կայ: