Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Օլիմփիաքոս յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր 51 տարեկան մարզիչ Միչել Կոնզալեսը:
Անոր պաշտօնազրկման մասին որեւէ պատճառ չտրուեցաւ յունական ակումբէն:
Կոնզալես, որ փետրուար 2013-էն ի վեր կը վարէ իր այս պաշտօնը, երկու անգամ հանդիսացած է Յունաստանի ախոյեան եւ մէկ անգամ ալ երկրի բաժակակիր:
Ան մինչեւ յունիս 2015 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր կազմին հետ:
ArmSport.am լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ յունական ակումբին հետ հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան: