Երէկ, ռուսական Ամքար ֆութպոլի ակումբը սկսաւ գարնանային շրջանի իր նախապատրաստական հանգրուանին:
Ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող խումբին միացաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որ ամրան ընթացքին պայմանագիր մը կնքած էր ռուսական այդ խումբին հետ:
Ամքարի ուսումնամարզական հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 23 յունուար, որուն ընթացքին անիկա պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում, առաջինը` 18 յունուարին, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: