Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի դարձի մրցումներուն աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար, Սաֆա իր կազմին միացուց երեք օտարականներ:
Անոնք են` նիկերիացի յառաջապահ Ահմետ Քազեմ (25 տարեկան), հոլանտացի միջնապահ Էրիքսըն Միքայէլ Ամոլֆ (26 տարեկան) եւ պրազիլցի յառաջապահ Օլպըրտամ Տի Օլիվէյրա (30 տարեկան):
Նշենք, որ Սաֆա երթի մրցումները աւարտեց 5-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 15 կէտ: Խումբը արձանագրեց 4 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրեց 4 պարտութիւն: