Պրազիլցի ֆութպոլի նախկին աստղ Ռոնալտոյի համաձայն, ներկայ դրութեամբ աշխարհի լաւագոյն յառաջապահը ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբի եւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչն է:
«Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ Իպրահիմովիչ աշխարհի լաւագոյն յառաջապահն է: Թէեւ ան կը կրէ թիւ 10 շապիկը, բայց թիւ 9 շապիկը կրողի նման կը խաղայ: Նախորդ տարի ես մեկնեցայ Փարիզ եւ ականատես եղայ Սեն Ժերմենի հետ անոր կատարած քանի մը մրցումներուն: Ան սքանչելի ճկունութիւն ունի: Իսկապէս, ան ներկայիս լաւագոյնն է», Ռոնալտոյի կատարած յայտարարութենէն մէջբերումներ կ՛ընէ ArmSport.am` վկայակոչելով «Սփորթց Իլլիւսթրէյթըտ»-ի հրապարակած լուրը: