Անգլիական Էվըրթընի հետ կէս տարեշրջան ելոյթ ունենալէ ետք, հանրածանօթ յառաջապահ Սամուէլ Էթու տեղափոխուեցաւ Սամտորիա, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը:
Քամերունցի վեթերանը «Սերի-Ա.»-ի մէջ խաղալու փորձառութիւն ունի: Ան 2009-2011 տարեշրջանին ելոյթ ունեցած է Ինթեր Միլանի հետ եւ անոր հետ հանդիսացած Իտալիոյ ախոյեան, Իտալիոյ բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:
Նշենք, որ Էվըրթընի հետ Էթու ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուէր իբրեւ պահեստի մարզիկ եւ շատ քիչ դաշտին վրայ կը տեսնուէր:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Էթու մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի, Մայորքայի, Պարսելոնայի, Ինթեր Միլանի, Անժիի եւ Չելսիի: