Միքա Երեւանի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ խումբը իր կազմին միացուց 22 տարեկան միջնապահ Դաւիթ Մինասեանը` անոր հետ ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշուեցան նաեւ, որ ձմեռնային այս արձակուրդին ընթացքին, անոր այս փոխանցումը եղաւ առաջինը, նախքան բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան վերսկսումը:
Մինասեան, որ նախորդ տարի մաս կը կազմէր Ուլիսի, ելոյթ ունեցած է նաեւ Փիւնիկի հետ:
Շատ հաւանական է նաեւ, որ այս շաբաթավերջին Միքայի միանայ պրազիլցի յառաջապահ մըն ալ: