Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս իր վերականգնումի փորձերը պիտի շարունակէ Թուրքիոյ մէջ, երբ ան հոն մեկնի Սպարտակ-2 խումբին հետ, կը յայտնէ ռուսական ակումբին կայքը:
Թուրքիա մեկնիլը պայմանաւորուած է անով, որ ան վերականգնումի փորձերը սկսած է ֆիզիոթերափի մասնագէտ Խաւիէ Սալեսի հսկողութեամբ, որ ներկայիս կ՛աշխատի Սպարտակ-2-ի հետ:
8-16 յունուարին Օզպիլիս սկսաւ իր անհատական փորձերուն:
Կը կարծուի, որ մինչեւ այս ամսուան վերջը 24 տարեկան Օզպիլիս պիտի միանայ ընդհանուր խումբին: