Լիբանանի մէջ «Ֆեռարի» ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ «Սքուտերիա» – Լիբանան յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Փանորամա»-ի մէջ («Պիել»-ի շրջան), նշեց իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը` ներկայութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հրաւիրեալներու:
Այս հանդիսութեան, որուն ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ, ներկաներուն անակնկալ մը մատուցուեցաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով անոնց ներկայացուեցաւ «Լա Ֆերառի» կարմիր ինքնաշարժը: