
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը չկրցաւ վճռել Լիբանանի ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2):
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ նոր ախոյեանին անունը վճռուի վաղը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) երկու խումբերը հինգերորդ եւ վերջին անգամ ըլլալով ճակատին իրարու դէմ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ալի Թանիշ (2 կոլ), Ահմետ Խէյրէտտին եւ Խրուաթ Վլատան Վիզիչ, իսկ Մայատինի կոլերը` քոլոմպիացի Անճելոթ Քարօ եւ Քասեմ Ազզէտին:
Մրցումին իրաւարարներն էին` իրաքցի Հասան Ժապուրի, յորդանանցի Հասան Խալիլա եւ Ֆատի Լաթթուֆ: