Ժիւտոյի 2014 տարուան մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 24 յունուարին, յայտնեց Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութիւնը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին` Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա), երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ:
Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուիի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի: