Մարզական

Ռէալ Մատրիտ Իր Կազմին Միացուց 16 Տարեկան Նորվեկիացի Էտեկորը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Ռէալ Մատրիտ յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց նորվեկիացի 16 տարեկան միջնապահ Մարթին Էտեկորը (Սթրոմկոտսեթ խումբէն, Նորվեկիա): Անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները չյայտարարուեցան, սակայն սպանական մամուլին համաձայն, անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար Ռէալ Մատրիտ վճարեց 4 միլիոն եւրօ: ArmSport.am կայքը կը շարունակէ նշելով, որ անցեալ շաբաթ ան ճանչցուեցաւ Նորվեկիոյ տարուան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը: Իսկ 2014-ին ան Նորվեկիոյ ազգային խումբին...

IFFHS. Անչելոթթի 2014 Տարուան Ակումբներու Լաւագոյն Մարզիչը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IFFHS) Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին ճանչցաւ իբրեւ 2014 տարուան ակումբներու լաւագոյն մարզիչը: Ֆետերասիոնին կազմած ակումբներու լաւագոյն մարզիչներու տասնեակը ստացաւ հետեւեալ դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Քարլօ Անչելոթթի 169 2.- Տիեկօ Սիմէոնէ 139 3.- Եոսիփ Կուարտիոլա 76 4.- Ժոզէ Մուրինիօ 15 5.- Ունայ Էմրի 11 6.- Մանուէլ Փելլեկրինի 8 7.- Եիւրկըն Քլոփ 7 8.- Անթոնիօ Քոնթէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 46-75

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 46-75

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Թրիփոլիի Մութթահետին: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն յաղթանակով` 75-46 արդիւնքով: Նշենք, որ կիսախաղին ՀՄԸՄ 45-22 արդիւնքով կը գերազանցէր դաշտին տէրը: ՀՄԸՄ - Անթիլիաս երթի իր վերջին` 7-րդ հանգրուանի մրցումը պիտի կատարէ չորեքշաբթի, 4 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, ինչպէս նաեւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը` վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները: Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի անունը առաջադրուեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք յանձնախումբին յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ֆետերասիոնը իրեն անդամ եղող բոլոր ակումբները հրաւիրեց յատուկ քննութիւն-դասընթացքի (Ա. կարգի), որպէսզի եթէ ունին մարզիկներ, որոնք կ՛ուզեն...

Ճատրակ.  Կարէն Գրիգորեան Եւ Սուզաննա Կապոյեան` Հայաստանի Նոր Ախոյեաններ

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Եւ Սուզաննա Կապոյեան` Հայաստանի Նոր Ախոյեաններ

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 յունուարին աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Առաւելագոյն 9 կէտէն յաջորդաբար 6 եւ 7 կէտ ապահովելով` Հայաստանի 2015 տարուան ախոյեան հանդիսացան Կարէն Գրիգորեան եւ Սուզաննա Կապոյեան: Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը. ՏՂԱՔ ԿԷՏ 1.- Կարէն Գրիգորեան 6 2.- Արման Միքայէլեան 5,5 3.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան 5 4.- Զաւէն Անդրէասեան 5 5.- Սամուէլ Տէր...

Ըմբշամարտի Մրցագորգին Գոյները Այսուհետեւ Պիտի Ըլլան Կապոյտ Եւ Նարնջագոյն

Ըմբշամարտի մրցագորգերուն դեղին եւ կարմիր գոյները, որոնք սկսած են գործածուիլ 1972-ին` Միւնիխի ողիմպիականի խաղերուն ժամանակ, ըստ UWW-ի, այլեւս չեն բաւարարեր թէ՛ պատկերասփիւռի կայաններուն եւ թէ՛ ալ լուսանկարիչներուն: Ըմբշամարտի միասնութեան աշխարհը (UWW) որոշեց լուծում տալ այս հարցին` հաստատելով, որ այսուհետեւ մրցագորգի նոր գոյները կազմուած պիտի ըլլան կապոյտէն եւ նարնջագոյնէն: ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը...

Անգլիոյ Հայերը Կը Նախապատրաստուին Համահայկական Խաղերուն

Ինչպէս ծանօթ է, 2-13 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Համահայկական 6-րդ խաղերը: ArmSport.am կը նշէ, որ Անգլիա բնակող հայ մարզիկները, կը նախապատրաստուին այդ խաղերուն: «Թիմ Լանտըն-Փանարմինիըն Կէյմզ» կայքը կը յայտնէ, որ առաջին փորձերը սկսած են կատարել թենիս խաղացողները: Կ՛ակնկալուի, որ Լոնտոն հանդէս գայ պասքեթպոլի եւ այլ մարզաձեւերու խումբերով: Մասնակիցներուն վերջնական ցանկը կը յստականայ այս ամսուան վերջը:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք.  Ռաֆայէլ Նատալ 4 Ժամէն Աւելի Պայքարելէ Ետք Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Ռաֆայէլ Նատալ 4 Ժամէն Աւելի Պայքարելէ Ետք Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Մարիա Շարափովա Ռաֆայէլ Նատալ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին երրորդ օրը, երէկ սկսան Բ. հանգրուանի մրցումները: 3-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ քիչ մը դժուարութեամբ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ ամերիկացի չդասուած մարզիկ Թիմ Սմիչզեքի դէմ 4 ժամ եւ 12 վայրկեան բաւական պայքարելէ ետք 6-2, 3-6, 6-7, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցաշարքին 3-րդ օրը անակնկալ...

Իքեր Քասիաս Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Իր Ակումբին Հետ

Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիաս իր ակումբին պատմութեան մէջ պատմական մրցանիշ մը հաստատեց, կը յայտնէ մայրաքաղաքի կազմին պաշտօնական կայքը: Կեթաֆէի դէմ («Լա լիկա») տեղի ունեցած մրցումին (19-րդ հանգրուան) Քասիաս, որ իր ակումբին հետ արձանագրեց իր 450-րդ յաղթանակը, յաջողեցաւ իր անունը արձանագրել ակումբին տոմարներուն վրայ: «Լա լիկա»-ի մրցումներուն ան արձանագրած է 323 յաղթանակ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին` 88, մինչ մնացեալ յաղթանակները...

Չինացի Միլիառատէրը Գնեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Բաժնետոմսերուն 20 Առ Հարիւրը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ չինական «Տալիան Ուանտա Կրուփ» ընկերութեան նախագահ Ուանկ Ճիանլին դարձաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի բաժնետէր: 45 միլիոն եւրօ արժողութեամբ այս համաձայնագիրը կնքուեցաւ` երկու կողմերուն միջեւ, երբ Ճիանլին այսպիսով դարձաւ Աթլեթիքոյի բաժնետոմսերուն 20 առ հարիւրին սեփականատէրը: Բացի ատկէ, կողմերը մտադիր են 34 միլիոն ամերիկեան տոլար ներդրել Մատրիտի մէջ գտնուող երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ուր մարզուած են Չինաստանի երիտասարդ տաղանդները:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ հիւրը ըլլայ Մութթահետի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան յաջորդաբար ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ, այս շաբաթավերջին պիտի ընթանան ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ՇԱԲԱԹ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2015 (ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ) ԺԱՄ Դար. Յով. - Ե. Ման. (Միջակ) 14:00 Շամլեան - ԿԲՎ (Փոքր) 14:00 Յառաջ - Սոֆիա (Փոքր) 14:00 Ս....

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամի

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի, այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Օրակարգին վրայ եղող գլխաւոր հարցը եղաւ այն մտավախութիւնը, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ Լիբանանի դէմ կրնայ սահմանուիլ պատիժ մը, որուն իբրեւ հետեւանք լիբանանեան բոլոր տեսակի մարզաձեւերը կրնան սառեցուիլ: Վարչապետ Սալամ խոստացաւ իր ամէն կարելին ընել այս հարցին բոլոր մանրամասնութիւնները քննելու...

Մխիթարեան Ընդհանուր Խումբ Կը Վերադառնայ Այս Շաբաթավերջին

Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընդհանուր խումբ պիտի վերադառնայ այս շաբաթավերջին, յայտնեց գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը կը շարունակէ ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն եւ ցարդ կը մարզուի անհատական ծրագիրով, կը յայտնէ ArmSport.am: Մխիթարեան վնասուածք ստացած էր նախորդ 13 դեկտեմբերին` Հերթա Պերլինի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին ընթացքին: Այս տարեշրջանին ան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան...

IFFHS. Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը` 97-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը` IFFHS, հրապարակեց 2014 թուականի աշխարհի զօրաւորագոյն ախոյեանութիւններուն դասաւորումը: Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը 170 ախոյեանութիւններ ընդգրկող ցանկին մէջ կը գրաւէ 97-րդ դիրքը: Նախորդ դասաւորման հետ բաղդատած Հայաստան 10 դիրքի նահանջ մը արձանագրեց: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի սպանական «Լա լիկա»-ն, որուն կը յաջորդէ իտալական «Սերի-Ա.»-ն, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ը, իր լուրը կ՛եզրափակէ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարք.  Թիւ 1 Դասուածները Ապահովեցին Բ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարք. Թիւ 1 Դասուածները Ապահովեցին Բ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Նովաք Տիոքովիչ Սերենա Ուիլիըմզ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին 2-րդ օրը, երէկ շարունակուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Թիւ 1 դասուած մարզիկներ Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) եւ Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ) յաղթանակներ արձանագրելով ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը: Մրցաշարքէն դուրս մնացողներուն կարգին եղան Ժիւլիեն Պենըթօ, Ֆլաւիա Փեննեթա, Ելենա Եանքովիչ եւ ուրիշներ: Ստորեւ` երէկուան կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները (Ա. հանգրուան). ՏՂԱՔ...

Արսէն Յովհաննիսեան Տեղափոխուեցաւ Սոքոլ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող հայրենի միջնապահ Արսէն Յովհաննիսեան, որ լքեց իր ակումբը` Եքաթերինպուրկի Ուրալը, իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սարաթովի Սոքոլի հետ: Յովհաննիսեան, որ պիտի կրէ թիւ 28 շապիկը, նախապէս Խիմքիի, Քալուկայի եւ Ուրալի հետ 121 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ:

IFFHS. Քրոս` 2014 Թուականի Լաւագոյն Փլէյմէյքըրը

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրոս Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ (IFFHS), ճանչցուեցաւ 2014 թուականի լաւագոյն փլէյմէյքըրը, յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Քրոս յաջողեցաւ գերազանցել Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: Լաւագոյն տասնեակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Խամես Ռոտրիկեզ, Լուքա Մոտրիչ (Ռէալ Մատրիտ), Անտրես Ինիեսթա, Նէյմար, Իվան Ռաքիթիչ (Պարսելոնա), Եայա Թուրէ (Մանչեսթըր Սիթի), Էտեն Ազար...

«Ֆորմիւլա-1». Մահացաւ Անդրանիկ Ախոյեանութեան Վերջին Մասնակիցը

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ 97 տարեկան հասակին մահացաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի անդրանիկ ախոյեանութեան վերջին մասնակիցը` Ռոպեր Մանզոն: Ֆրանսացի վարորդը «Ֆորմիւլա-1»-ի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 29 կրան փրիներու, որոնցմէ 28-ը` «Էքիփ Սիմքա Կորտինի»-ի հետ, մինչ մէկը` «Ֆեռարի»-ի հետ: Իր բոլոր մասնակցութիւններուն ընթացքին ան ապահոված է 16 կէտ. 3-ը` 1950-ի ախոյեանութեան: Մանզոն իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 2 անգամ կրան փրիի մրցումներուն գրաւած...

Ռիպերի. «Երազս Է Տարեշրջանի Մը Ընթացքին Դարձեալ 3 Տիտղոսի Տիրանալ»

Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր երազն է տարեշրջանի մը ընթացքին կրկնել այն, ինչ որ կատարած էր նախապէս տիրանալ 3 տիտղոսի: «Երբեք չեմ կրնար մոռնալ, թէ ի՛նչ կը զգայի 2012-2013 տարեշրջանին, երբ իմ ակումբիս` Պայէրն Միւնիխի հետ հեթրիք մը իրագործեցի: Ասիկա ինծի համար թռիչքի մը նման եղաւ: Երազս է դարձեալ նոյն զգացումներով ապրիլ:...

Page 1267 of 1274 1 … 1,266 1,267 1,268 … 1,274

Արխիւներ