Այսօր` ուրբաթ, 23 յունուարին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի դրամատուն – Մայատին երրորդ ճակատումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ:
Հակառակ անոր որ առաջին մրցումին Մայատին պարտուեցաւ, սակայն երկրորդին 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով` երկարաձգումէն ետք յաջողեցաւ հաւասարութիւն մը արձանագրել` 1-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն քոլոմպիացի Անճելոթ Քարօ հեթրիք մը իրագործեց:
Նշենք, որ այսօրուան երրորդ մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:50-ին:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: