Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արթուր Եուզպաշեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու է, նախորդ շաբաթ մեկնած էր Մոլտովա` Թիրասփոլի հետ փորձառական շրջան մը անցընելու նպատակով:
ArmSport.am Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանէն տեղեկացաւ, որ ֆութպոլիստը վերադարձած է հայրենիք եւ իր ելոյթները պիտի շարունակէ իր հարազատ ակումբին հետ` յայտնապէս չհամաձայնելով Թիրասփոլի հետ: