Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մաս կը կազմէ Թ. խմբակին:
Այս խմբակին մաս կազմող խումբերուն հետ բարեկամական մրցումներ կը կատարէ Եուրօ-2016-ը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսա:
10 հոկտեմբեր 2014-ին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ մրցեցան Հայաստան եւ Ֆրանսա: Հիւր խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 հոկտեմբերին:
Իր լուրը քաղելով «Լը Ֆիկարօ»-էն` ArmSport.am յայտնեց, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց այս մրցումը կատարել Նիս քաղաքի «Ալիանս Ռիվիերա» մարզադաշտին վրայ, ուր տեղւոյն ֆութպոլի ակումբը` Նիս, իր մրցումները կը կատարէ: Դաշտը կրնայ հիւրընկալել 35,624 հանդիսատես:
Ֆրանսական աղբիւրին հաղորդումով, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը յարգէ Եուրօ-2016-ը հիւրընկալող դաշտերուն մէջ ազգային խումբին նուազագոյնը մէկ մրցում կատարելու սկզբունքը: