Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի առաջարկով, Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին Մուսա Մուրթազալիեւը ազատ կացուցեց զինուորական պարտադիր ծառայութենէն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իր լուրը քաղելով wrestling.am-էն` ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ կառավարութիւնը լսելով առաջարկը 30 յունուարին պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատ կացուցեց Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մուսա Մուրթազալիեւը, որ ծնած է 26 մայիս 1986-ին` Երեւանի մէջ:
Ներկայիս ան Հայաստանի հաւաքականին հետ կը նախապատրաստուի 2016-ին տեղի ունենալիք Ռիօ տը Ժանէյրոյի (Պրազիլ) ամառնային ողիմպիականի խաղերուն, ինչպէս նաեւ 2015-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ողիմպիական խաղերուն եւ աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահին 18 յունուար 2010-ի հրամանագիրով, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհուեցաւ Մուրթազալիեւին: