Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի աղջկանց աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզը (Միացեալ Նահանգներ) եւ 2-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովան, աւարտեցաւ ամերիկացիին յաղթանակով` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 42 վայրկեան:
Այսպիսով, Սերենա Ուիլիըմզ 6-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին. նախապէս այդ տիտղոսին տիրացած էր 2003-ին, 2005-ին, 2007-ին, 2009-ին եւ 2010-ին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, աւարտականի մրցումը վերջ գտաւ սերպ Նովաք Տիոքովիչի յաղթանակով: Ան 3 ժամ 39 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք 7-6, 6-7, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Էնտի Միւրէյին, այսպիսով 5-րդ անգամ ըլլալով տիրանալով այս մրցաշարքին տիտղոսին: