29 մայիսին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնը:
Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ՖԻՖԱ-ն նշեց, որ նախագահի այդ պաշտօնին համար, պաշտօնապէս իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 4 անձեր:
Պաշտօնական թեկնածութեան առաջադրման վերջին ժամկէտին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած այդ 4 անձերն են` այժմու գործող նախագահ Սեփ Պլեթըր, փորթուգալցի Լուիս Ֆիկօ, Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մայքըլ Վան Փրաակ եւ Յորդանանի գահաժառանգ Իշխան, ՖԻՖԱ-ի թեքնիք յանձնախումբի անդամ, Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Պըն Հիւսէյն:
Նշենք, որ ֆրանսացի Ժըրոմ Շամփանյը մետասաներորդ պահուն յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ, որովհետեւ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը չէ կրցած ապահովել:
78 տարեկան Պլեթըր 1998-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի նախագահ է եւ կը փորձէ 5-րդ նստաշրջանի մը համար դարձեալ ստանձնել այս պաշտօնը:
Կը կարծուի, որ Պլեթըրի ի նպաստ պիտի քուէարկեն Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչներուն մեծամասնութիւնները:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.», որ ընդհանուր 209 ձայներուն 53-ը ունի, ցարդ չէ վճռած, թէ ի նպաստ որո՞ւն պիտի քուէարկէ:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի անդամ եղող 209 անդամներուն` իւրաքանչիւր ֆետերասիոնին ձայնը կը նկատուի 1 քուէ: