Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 2015-ի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Աւստրալիոյ եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ:
Աւստրալիա տիրացաւ տիտղոսին` երկարաձգման ընթացքին արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ովկիանիոյ քառակի ախոյեան Աւստրալիա, որ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կը մասնակցի 2007-էն ի վեր, այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին, մինչ Հարաւային Քորէա անոր տիրացած է երկու անգամ: