
Իր լուրը քաղելով «sportexpress.ru» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 19 տարեկան յառաջապահ Արշակ Քորեան, որ նախորդ տարուան աւարտին լքեց Լոքոմոթիւը, այժմ ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով տեղափոխուեցաւ հոլանտական Վիթես խումբ:
Պայմանագիրը` Վիթեսի եւ Քորեանի միջեւ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարուան ամառը:
Քորեան բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեց հոլանտական ակումբին պատասխանատուներուն վրայ, սակայն անոր պայմանագրութիւնը եղաւ կարճ` նկատի ունենալով, որ Հոլանտայի մէջ օտար մարզիկներու հետ քիչ մը երկար պայմանագրութիւն կնքելու համար, ֆութպոլիստի մը տարիքը պէտք է ըլլայ 20 տարեկանէն վեր: