Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եագան մօտ է Սերվեթ տեղափոխուելուն, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` աւելցնելով, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ զուիցերիական խումբին հետ:
Սերվեթի պաշտօնական կայքը` մէջբերելով խումբին մարզիչ Քեւին Քուպըրի խօսքը, ակնարկութիւններ կը կատարէ այդ առնչութեամբ պայմանագիրի հաւանական կայացման մասին:
Նշենք, որ Եագան, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 2009-ին, մասնակցեցաւ միայն 2 մրցումի:


