Հենրիխ Մխիթարեանի գործակալ Մինօ Ռայոլա «Ռայ Սփոր»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, խօսելով հայ ֆութպոլիստին ապագային մասին, ըսած է.
«Մխիթարեան փափաք յայտնած է, որ ամրան ընթացքին լքէ իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը: Մեծ ֆութպոլիստներուն համար ձմրան ընթացքին դժուար է այլ ակումբ տեղափոխուիլը: Այս տարեշրջանին աւարտին ամէն բան յստակացած կ՛ըլլայ, թէ ան ո՛ր խումբին մաս պիտի կազմէ յաջորդ տարեշրջանին»:
Նշենք, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին Տորթմունտի մրցակիցը` Եուվենթուս, շատ մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Մխիթարեանով: