Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման մրցումին, շաբաթ, 31 յունուարին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Շապապ Արապին:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Շապապ Արապիի յաղթանակով` 78-40 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լէյլա Ասսի նշանակեց 25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:
Երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 4 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: