Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ 93-86 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագեց, երբ Տիք Մըհտիի մէջ պարտութեան մատնեց Շանվիլը:
Թէեւ մրցումին տեւողութեան Շանվիլ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել աւելի քան 20-ի, ինչպէս նաեւ Ա. կիսախաղը աւարտել 11 կէտի առաւելութեամբ, սակայն անիկա պարտուեցաւ եօթը կէտի տարբերութեամբ (19-18, 44-33, 62-62 եւ 86-93):
Ռիատիէն Ժերեմիա Մեսսէյ նշանակեց 26 կէտ, մինչ Շանվիլէն Նատիմ Սուէյտ եւ Նիքոլոզ Ցիքիշվիլի` 18-ական կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:
Նշենք, որ 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին Հուփս, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրընկալեց Մութթահետը, անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց` 87-85 արդիւնքով (23-21, 37-45, 63-71 եւ 87-85):
Ինչպէս նկատելի է, վերջին քորթըրին Հուփս մրցումին արդիւնքը շրջեց ի նպաստ իրեն` տանելով վերջնական յաղթանակը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսի մարզիկներէն Շարըն Ֆիշըր (29 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), մինչ Մութթահետէն Փերիշ Փեթի նշանակեց 25 կէտ եւ 9 ռիպաունտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Ժորժ Տըրղամ եւ Ժորժ Սաատ: