Թրքական Պելեք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող Աքթոպէ (Ղազախստան) ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ թրքական Կինէյսփոր խումբին դէմ, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին:
Մրցումը աւարտեցաւ թրքական խումբին ամօթալի պարտութեամբ, որ 18-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց Աքթոպէէն:
Յաղթական խումբին կոլերէն մէկը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ քանի մը այլ կոլեր ալ նշանակելու առիթը ունեցաւ: