Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Անգլիոյ Ա. դասակարգի կազմերէն Նոթինկհամ Ֆորեսթ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Սթիւըրթ Փիրսը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Ակումբին պատասխանատուներուն համար քիչ մը դժուար եղաւ վերջին եօթը մրցումներուն խումբին կրած վեց պարտութիւնը, մանաւանդ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Ա. դասակարգին մէջ մնալու համար պայքար մղող Միլուոլ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆորեսթի դաշտին վրայ:
Անոր պաշտօնազրկումէն ետք Ֆորեսթ նոր մարզիչ նշանակեց Տուկի Ֆրիտմընը:
Նշենք, որ 52 տարեկան Փիրս, որ անցեալին եղած է Ֆորեսթի խմբապետը եւ 78 անգամ կրած է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր կազմին հետ: