Մարզական

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. 5-րդ Հանգրուան Հասնող Վերջին Խումբը` Լիվըրփուլ

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանի մրցումները դարձեալ կրկնուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք նախապէս աւարտած էին հաւասարութեամբ: 5-րդ հանգրուանին իր տոմսը ապահովող վերջին խումբը եղաւ Լիվըրփուլ, որ Պոլթընի (Բ. դասակարգ) դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այլ մրցումի մը, Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Քէյմպրիճ Եունայթըտին (Դ. դասակարգ): Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը...

Մարզիկներու Ձմեռնային Փոխանցման Ընթացքին` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Ակումբները Ծախսած Են 130 Միլիոն Եւրօ

«Ինսայտ ուորլտ ֆութպոլ» կայքը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերը ծախսած են 130 միլիոն եւրօ: Այդ գումարին կէսը ծախսած են Արսենալ, Չելսի եւ Մանչեսթըր Սիթի: 35 ֆութպոլիստներ լքած են իրենց ակումբները: Անոնցմէ 10-ն տեղափոխուած են Անգլիայէն դուրս, մինչ 9 ուրիշներ իրենց ելոյթները պիտի շարունակեն «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ: Կարգ մը ակումբներ փոխ...

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք.  Պասթիա – Փարիզ Սեն Ժերմեն Աւարտական` 11 Ապրիլին

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Պասթիա – Փարիզ Սեն Ժերմեն Աւարտական` 11 Ապրիլին

Պասթիա յաջողեցաւ ապահովել Ֆրանսայի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին իր տոմսը, երբ Մոնաքոյի դէմ կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, փենալթիներով 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան ճերմակ հաւասարութեամբ (0-0): Աւարտականին, Պասթիա 11 ապրիլին իր դէմ պիտի ունենայ նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիրը` Փարիզ Սեն Ժերմենը, որ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Լիլը: Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 51-57

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 51-57

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Ռիատիի յաղթանակով` 57-51 արդիւնքով (8-12, 12-11, 10-25 եւ 21-9): Ինչպէս նկատելի է, Ռիատի կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 3-րդ քորթըրին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Ռիատի հանդիսացաւ երթի ախոյեան:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Ահտ - Սալամ Զղարթա` 1-0, Շապապ Սահել - Թրիփոլի` 3-2, Թատամոն Սուր - Նեպի Շիթ` 2-1, Անսար - Ռասինկ` 2-0, Նըժմէ - Շապապ Ղազիէ` 2-1 եւ Ախա Ահլի Ալէյ - Սաֆա` 0-0: Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- ՀՄԸՄ - Ումմալ Թրիփոլի` 1-0, Իսլահ Պըրժ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ եւ քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, վաւերացուց ցարդ տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները: Յայտարարուեցաւ, որ այս ամսուան վերջը պիտի սկսի 3x3 պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Անդրադառնալով ախոյեանութեան իրաւարարներուն` ֆետերասիոնը նշեց, որ կը զգուշացնէ բոլորը, որ իրաւարարները պէտք չէ թիրախ դառնան ամէն տեսակի վարկաբեկիչ, անարգական խօսքերու, յարձակումներու, նոյնիսկ եթէ անոնք...

Ճատրակ. Արոնեանի Երկրորդ Հաւասարութիւնը

Գերմանական Պատեն - Պատեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Կրենքէ չես-քլասիք» ճատրակի գերմրցաշարքին Բ. հանգրուանին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ Գերմանիան ներկայացնող Տաւիտ Պարամիծէի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը` այս անգամ 41-րդ շարժումին: Աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, այս հանգրուանին միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագերց, երբ պարտութեան մատնեց Մայքըլ Ատաըզ: Վերջինս այժմ ունի 0,5 կէտ, Քարլսըն (առաջին)` 1,5 կէտ,...

Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Նուազեցաւ

Transmarket.de կայքը երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ իջեցուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը` 26 միլիոն եւրոյէն հասցնելով... 21 միլիոն եւրոյի: Ֆութպոլիստին փոխանցման գինին անկումը պարզապէս հետեւանք է «Պունտըսլիկա»-ի մէջ անոր ունեցած ոչ այդքան լաւ խաղարկութեան: ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ նոյն այդ կայքը ամրան ընթացքին Մխիթարեանի Եուվենթուս տեղափոխութիւնը հաւանական կը նկատէ 18 տոկոսով:

Արմէն Համբարձումեան Չի Կրնար Հանդէս Գալ Հայաստանի Դրօշին Տակ

Արմէն Համբարձումեան Չի Կրնար Հանդէս Գալ Հայաստանի Դրօշին Տակ

Նախորդ տարուան մայիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն հրաւէր ստացաւ Մոսկուայի Բանակայիններու միջնապահ Արմէն Համբարձումեան: Մարզիչ Պեռնար Շալանտ կ՛ուզէր փորձել Համբարձումեանը` ֆութպոլի միջազգային մրցումի մը ընթացքին: ArmSport.am հաղորդեց, որ ան չմիացաւ Հայաստանի հաւաքականին, որովհետեւ այդ մէկը տեղի ունենալու պարագային ան Ռուսիոյ մէջ պիտի սկսէր նկատի առնուիլ իբրեւ օտար մարզիկ: Յուլիս 2014-ին ան տեղափոխուեցաւ Զենիթ Փենզա եւ սկսաւ հանդէս գալ Ռուսիոյ ֆութպոլի...

Լեւսքի – Ուլիս Մրցումը Կիսատ Մնաց` Ծեծկռտուքի Պատճառով

Ուլիս Երեւան, որ Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, ֆութպոլի բարեկամական իր 5-րդ մրցումին ճակատեցաւ պուլկարական Լեւսքի Սոֆիայի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: Երկու խումբերը Ա. կիսախաղին հանդերձարան ուղղուեցան` 1-1 արդիւնքով: Բ. կիսախաղէն 15 վայրկեան անցած էր, երբ երկու խումբերուն ֆութպոլիստներուն միջեւ ընդհարում մը տեղի ունեցաւ: Այդ ծեծկռտուքը պատճառ դարձաւ, որ մրցումը մնայ կիսատ: Ըստ Ուլիսի մամլոյ քարտուղարութեան, պուլկարական...

Փիցելլի 2 Կոլ Նշանակեց Աքթոպէի Հետ

Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող ղազախական Աքթոպէ խումբը, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ունթիթի (Ղանա) խումբին դէմ եւ արձանագրեց 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ մասնակցեցաւ այս մրցումին, նշանակեց 2 կոլ:  

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզի 38-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան հինգ հանդիպումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 38-րդ յաղթանակը` 121-96 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաքրամենթօ Քինկզ: Նշենք, որ ամէնէն շատ յաղթանակը (40) արձանագրած է Աթլանթա Հոքս, որ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը: Իսկ Ուորիըրզ կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ - Տենվըր Նակեթց 105-98...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  8 Փետրուարին Տեղի Ունենալիք  Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. 8 Փետրուարին Տեղի Ունենալիք Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2014-2015 տարեշրջանի աշխատանքները դադար առած էին վերջին երկու շաբաթավերջերուն, որպէսզի ԼԵՎԱՄ-ին մասնակցող աշակերտները կեդրոնանան իրենց կիսամեայ քննութիւններուն վրայ: Սակայն, դպրոցներէն եկած առաջարկին ընդառաջելով, պասքեթպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին` կիրակի, 8 փետրուարին, փոխան` կիրակի, 15 փետրուարին: Ստորեւ կը ներկայացնենք կիրակի օրը տեղի ունենալիք պասքեթպոլի մրցումներուն յայտագիրը. ԺԱՄ Ճեմարան - Ս. Քառ. Մանկանց 9:00...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 4 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ երթի մրցումներուն կարեւորագոյն ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:...

Ճատրակ. Պատեն – Պատենի Մրցաշարք. Արոնեան – Քարլսըն` 0,5-0,5

Գերմանական Պատեն - Պատեն քաղաքին մէջ սկսաւ ճատրակի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան: Արոնեան, որ Ա. հանգրուանին ճերմակ քարերով կը մրցէր աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի դէմ (Նորվեկիա), հաւասարութեամբ սկսաւ մրցաշարքը: 64-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան հաւասարութեամբ աւարտել մրցավէճը: Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Անանտ, Քարուանա, Ատամզ, Նայտիչ, Պաքրօ եւ Պարամիծէ:...

Արթուր Միրանեան Կերտեց Վարտարի Յաղթանակը

Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող մակեդոնական Վարտար ֆութպոլի խումբը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սլաւիա Փրակային: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Մինասեան: Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի ֆութպոլիստներ Արտակ Տաշեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան դաշտ ներկայացան իբրեւ հիմնական մարզիկ: Միրանեան Ա. կիսախաղին աւարտին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ Համբարձումեան 50-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:...

Հանդիպում` Հայաստանի Պասքեթպոլի Մարզիչներուն Հետ

Հանդիպում` Հայաստանի Պասքեթպոլի Մարզիչներուն Հետ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին ֆետերասիոնը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի մարզիչներուն հետ: Այս նիստը վարեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեան, որ քննարկեց 2015 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն ժամանակացոյցը: Յստակացան նաեւ Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն, տարիքային ախոյեանութիւններուն յայտագիրներուն մանրամասնութիւնները: ArmSport.am նաեւ կ՛աւելցնէ, որ նիստին ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ 2015-ին տեղի ունենալիք...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Մրցաշարք.  Տիոքովիչ Եւ Ուիլիըմզ` Դէպի Գ. Հանգրուան

Թենիս. Տիտղոսակիրներ Տիոքովիչ Եւ Ուիլիըմզ Ամրապնդեցին Պարագլուխի Իրենց Դիրքերը

Նախորդ շաբաթավերջին Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած սերպ Նովաք Տիոքովիչ եւ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ ամրապնդեցին պարագլուխի իրենց դիրքերը: Ստորեւ` նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ` անոնց գրաւած նախկին դիրքերը). ՏՂԱՔ  ԿԷՏ 1.- (1) Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) 13045 2.- (2) Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա) 9245 3.- (3) Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) 5745 4.- (6)...

Ֆլեչըր Ազատ Փոխանցումով Մը Միացաւ Ուեսթ Պրոմուիչին

Սկովտիացի միջնապահ Տերըն Ֆլեչըր իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելով ազատ փոխանցումով մը միացաւ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընին: 31 տարեկան Ֆլեչըր, որ այս տարեշրջանին սկիզբը «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ Մանչեսթըրի փոխխմբապետն էր եւ իր կազմին հետ կատարեց 12 մրցում, երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ալպիընի հետ: Նշենք, որ Ֆլեչըր 2002-ին ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսաւ Եունայթըտի հետ եւ անոր հետ ընդամէնը կատարեց 342 մրցում:

Արարատ Պայմանագրութիւններ Կնքեց Շարք Մը Ֆութպոլիստներու Հետ

Աւարտելով Սոչիի մէջ (Ռուսիա) այս տարուան իր առաջին արտասահմանեան ուսումնամարզական հաւաքը` Արարատ ֆութպոլի ակումբը վերադարձաւ Երեւան: Խումբին միացան 10-է աւելի նորեկներ, որոնց հետ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Արարատ պայմանագրութիւններ ստորագրեց: Նորեկ մարզիկներուն կարգին են` Կարէն Իսրայէլեան, Արամ Հայրապետեան, Վահէ Մարտիրոսեան եւ Գորիկ Խաչատրեան: Մնացեալները օտար են, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ 8-20 փետրուարին դարձեալ Սոչիի մէջ նախատեսուած է ուսումնամարզական...

Page 1261 of 1274 1 … 1,260 1,261 1,262 … 1,274

Արխիւներ