Ուլիս Երեւան, որ Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, ֆութպոլի բարեկամական իր 5-րդ մրցումին ճակատեցաւ պուլկարական Լեւսքի Սոֆիայի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Երկու խումբերը Ա. կիսախաղին հանդերձարան ուղղուեցան` 1-1 արդիւնքով:
Բ. կիսախաղէն 15 վայրկեան անցած էր, երբ երկու խումբերուն ֆութպոլիստներուն միջեւ ընդհարում մը տեղի ունեցաւ: Այդ ծեծկռտուքը պատճառ դարձաւ, որ մրցումը մնայ կիսատ:
Ըստ Ուլիսի մամլոյ քարտուղարութեան, պուլկարական խումբին ֆութպոլիստները սադրած են Ուլիսի ֆութպոլիստներուն:
Նշենք, որ նախորդ 4 խաղերուն երեքին Ուլիս պարտուած էր, մինչ չորրորդին` 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած:
Նախքան Լեւսքիի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումը, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի յառաջատարին ֆութպոլիստները չէին յաջողած կոլ նշանակել մրցակիցին բերդին մէջ: