Պասթիա յաջողեցաւ ապահովել Ֆրանսայի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին իր տոմսը, երբ Մոնաքոյի դէմ կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, փենալթիներով 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան ճերմակ հաւասարութեամբ (0-0):
Աւարտականին, Պասթիա 11 ապրիլին իր դէմ պիտի ունենայ նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիրը` Փարիզ Սեն Ժերմենը, որ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Լիլը:
Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումին վայրը ճշդուած է «Սթատ Տը Ֆրանս» մարզադաշտը: