Գերմանական Պատեն – Պատեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Կրենքէ չես-քլասիք» ճատրակի գերմրցաշարքին Բ. հանգրուանին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ Գերմանիան ներկայացնող Տաւիտ Պարամիծէի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը` այս անգամ 41-րդ շարժումին:
Աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, այս հանգրուանին միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագերց, երբ պարտութեան մատնեց Մայքըլ Ատաըզ: Վերջինս այժմ ունի 0,5 կէտ, Քարլսըն (առաջին)` 1,5 կէտ, մինչ մնացեալ բոլորը` 1-ական կէտ: