Իր գումարած շաբաթական ժողովին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ եւ քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, վաւերացուց ցարդ տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները:
Յայտարարուեցաւ, որ այս ամսուան վերջը պիտի սկսի 3×3 պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Անդրադառնալով ախոյեանութեան իրաւարարներուն` ֆետերասիոնը նշեց, որ կը զգուշացնէ բոլորը, որ իրաւարարները պէտք չէ թիրախ դառնան ամէն տեսակի վարկաբեկիչ, անարգական խօսքերու, յարձակումներու, նոյնիսկ եթէ անոնք ակամայ սխալած են իրենց պաշտօնը կատարելու ընթացքին, որովհետեւ այսուհետեւ, ֆետերասիոնը պիտի կիրարկէ օրէնքը եւ պիտի պաշտպանէ իր իրաւարարները, ինչ ալ ըլլան արդիւնքները եւ արարքները:
Ասկէ մեկնելով եւ լսելէ ետք Շանվիլ – Սաժես մրցումին ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած եւ մրցումին հսկող պատասխանատուին տեղեկագիրը, ֆետերասիոնը տուգանքի ենթարկեց երկու խումբերուն մարզիչները` Ղասսան Սարգիսը եւ Ֆուատ Ապու Շաքրան:
Ատկէ բացի, Շանվիլ ակումբին խիստ ազդարարագիր ղրկուեցաւ, որովհետեւ անոր համակիրներուն հայհոյանքները կ՛ըլլան անպակաս իրաւարարներուն, մրցակից կազմերուն եւ անոր մարզիկներուն հասցէին:
Յայտարարուեցաւ, որ սերպ Վասելին Մաթիչ նշանակուեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Ղասսան Սարգիսը: Վերջինիս իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց ֆետերասիոնը:
Ֆետերասիոնը համաձայն գտնուեցաւ, որ 27, 28 եւ 29 մարտին տեղի ունենան մարզիչներու յատուկ դասընթացք քննութիւններ:
Վերջապէս, 8 մարտը ճշդուեցաւ իբրեւ ֆետերասիոնին կատարելիք համագումարին թուականը (Սանթրալ ակումբ, Ժունիէ):