Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող ղազախական Աքթոպէ խումբը, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ունթիթի (Ղանա) խումբին դէմ եւ արձանագրեց 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ մասնակցեցաւ այս մրցումին, նշանակեց 2 կոլ: