Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող մակեդոնական Վարտար ֆութպոլի խումբը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սլաւիա Փրակային:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Մինասեան:
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի ֆութպոլիստներ Արտակ Տաշեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան դաշտ ներկայացան իբրեւ հիմնական մարզիկ: Միրանեան Ա. կիսախաղին աւարտին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ Համբարձումեան 50-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ նախքան այս մրցումը, տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին Վարտար 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ամքարին, որուն մաս կը կազմէ Ռոպերթ Արզումանեան: