Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Աթլեթիքօ Մատրիտ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Ռէալ Մատրիտը. Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան` 3-1

Աթլեթիքօ Մատրիտ - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ: Մատրիտեան տերպիի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Էսթատիօ Վիչենթէ Քալտերոնի մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Ռէալ Մատրիտը: Տերպիի երկու մրցումներ տեղի ունեցան Անգլիոյ մէջ: Թոթենհամ, որ հիւրընկալեց Արսենալը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ Էվըրթըն - Լիվըրփուլ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Իտալիոյ...

Լեռնադահուկարշաւ. Հայաստան 3 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած լեռնադահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 15 փետրուարին: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեանէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 3 մարզիկով: Անոնք են` Եուրա Մանուկեան, Արսէն Ղազարեան եւ Արման Սերեպրակեան: Իսկ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Սէյրան Յարութիւնեան:

Հայկ Գալստեանի Կոլը Յաղթանակ Պարգեւեց Հոֆընհայմի 17 Տարեկանէն Վար Խումբին

Հայկ Գալստեանի Կոլը Յաղթանակ Պարգեւեց Հոֆընհայմի 17 Տարեկանէն Վար Խումբին

Գերմանիոյ ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հոֆընհայմ, որ ճակատեցաւ Նիւրեմպերկի դէմ, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական խումբին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հոֆընհայմի 17 տարեկանէն վար խումբը 35 կէտ ունենալով իր տրամադրութեան տակ, կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Ղազարեան Իր Նորամուտը Նշեց Քերքիրայի Հետ

Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քերքիրա, որուն կազմին մէջ է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, մրցեցաւ Փանիոնիոսի դէմ: Թէեւ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Ղազարեան այս մրցումին նշեց իր նորամուտը` անոր մասնակցելով ամբողջ 90 վայրկեան: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Քերքիրա այժմ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 27 կէտ: Յաջորդ հանգրուանին`...

Դահուկարշաւ. 15-15 Քմ Սքիաթլոն. Սերկէյ Միքայէլեան Գրաւեց 10-րդ Դիրքը

Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան 23 տարեկանէն վար 15-15 քմ Սքիաթլոնի մրցումները. Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Սերկէյ Միքայէլեան գրաւեց 10-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am: Միքայէլեան 50" 1 զիջեցաւ առաջին հանդիսացած նորվեկիացի Հակայէն: Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Գագիկ Սարգսեան նշեց, որ Սերկէյ Միքայէլեանի մարզիչներն են Արթուր եւ Արա Միքայէլեանները:

Նշմար. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի Յաղթարշաւը Այսօր Պէտք Է Վերսկսի

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը սքանչելի ձեւով սկսած եւ երթի մրցումներուն բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին համար այսօր` շաբաթ, 7 փետրուարը պէտք է ըլլայ կարեւոր օր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ յաղթանակներու շարքին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ դարձի մրցումները սկսաւ յաջորդական երկու պարտութիւններով: Պատճառ պէտք չէ փնտռել, թէ ինչո՞ւ ատիկա տեղի ունեցաւ եւ կամ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 7 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Շանվիլի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս նախորդ մրցումները, այս մրցումը եւս ՀՄԸՄ-ի համար կարեւոր է` յաղթանակ արձանագրելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդհանուր դասաւորման մէջ վերջին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 8 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի հարաւային Լիբանանի խումբերէն Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Ինչպէս նախորդ մրցումներուն, այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի ուղղուին դաշտ` քաջալերելու համար իրենց խումբը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2013 Եւ 2014 Թուականներու Ախոյեանները

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2013 Եւ 2014 Թուականներու Ախոյեանները

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «ԶՈՆ» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ), Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2013 եւ 2014 թուականներու հեծելարշաւի ախոյեանները` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Այս հանդիսութեան ներկայ էին նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, որ կը հովանաւորէր այս ձեռնարկը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին, բանակի հրամանատարին, ներքին ապահովութեան ուժերուն ներկայացուցիչները, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Հետաքրքրական Եւ Ճոխ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Հետաքրքրական Եւ Ճոխ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, հինգ երկիրներու մէջ պիտի կատարուին հետաքրքրական ճակատումներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս շաբաթավերջը պիտի ըլլայ բաւական ճոխ: Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան երկու տերպիի մրցումներ` Լոնտոնի եւ Լիվըրփուլի մէջ: Բաւական տաք ճակատում մը, իրարու դէմ պիտի հանէ Եուվենթուսը եւ Ա. Սէ. Միլանը` Իտալիոյ մէջ: Սպանիոյ մէջ հետաքրքրական պիտի ըլլայ Մատրիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Դարձի Մրցումները Կը Սկսին Երեքշաբթի, 17 Փետրուարին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց յայտագիրը աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն, որոնք կը սկսին երեքշաբթի, 17 փետրուարին: Դարձի այս մրցումները կ՛աւարտին չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, Ռիատի Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումով: Ստորեւ` դարձի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ          ԺԱՄ ԴԱՇՏ Երեք. 17 փետրուար` Ռիատի - Շապապ Արապի 20:30 Ռիատի Չոր. 18 փետրուար` ՀՄԸՄ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս 20:30 Աղբալեան...

Նախարար Հըննաուի Ընդունեց Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին Նախագահը

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի երէկ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլան: Նիքոլա նախարարը տեղեակ պահեց ֆետերասիոնին տարած աշխատանքներուն գծով, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ 2015 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ: Ֆետերասիոնին նախագահը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հըննաուիի եւ նախարարութեան, որ...

Եուրօ-2017. Յստակացան Հայաստանի Մրցակիցները

Երէկ` հինգշաբթի, 5 փետրուարին, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2017-ի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որուն գլխաւոր մարզիչն է Սարգիս Յովսէփեան, յայտնուեցաւ Ե. խմբակին մէջ, որուն մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ երկիրներու ազգային խումբերը. Դանիա, Ռումանիա, Կալես, Պուլկարիա եւ Լիւքսամպուրկ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 52 երկիրներու երիտասարդական հաւաքականները ընդգրկուեցան 9 խմբակներու մէջ: Իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ - Մութթահետ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

Շաբաթ, 7 Փետրուարին. Վիք Դարչինեան Կը Կատարէ Իր 48-րդ Մենամարտը

Իր լուրը քաղելով boxrec.com կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 փետրուարին, Չեթոմալուի մէջ (Մեքսիքա) տեղի ունեցող կռփամարտի երեկոյի շրջանակներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ 10 ռաունտնոց մենամարտ մը` 52,2 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեանի եւ մեքսիքացի Խուան Խիմենեսի միջեւ: 39 տարեկան Դարչինեանի համար ասիկա պիտի ըլլայ անոր արհեստավարժ ասպարէզին 48-րդ մենամարտը: Դարչինեան...

Սպանական Ֆութպոլ. Խեմես Ռոտրիկեզ 2 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Լա լիկայի գծով յետաձգուած (16-րդ հանգրուան) մրցումի մը, Ռէալ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, 2-1 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Սեւիլլային: Արքայական ակումբին երկու կոլերը նշանակած (12-րդ եւ 36-րդ) քոլոմպիացի միջազգային յառաջապահ Խեմես Ռոտրիկեզ, որ այս մրցումին վիրաւորուեցաւ, երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց սպանական մամուլը, երէկ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Սերճիօ Ռամոսին, որ իր կարգին վիրաւորուեցաւ,...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պիտի Կատարէ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2015 տարուան ընթացքին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներ: 11 եւ 13 օգոստոսին Երեւանի մէջ Սլովաքիա հայրենի կազմին դէմ պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում: Իսկ 16 եւ 18 սեպտեմբերին Հայաստան պիտի կատարէ բարեկամական երկու այլ մրցումներ` այս անգամ Մոլտովայի դէմ:  

Ճատրակ. Պատեն-Պատենի Մրցաշարք. Արոնեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը Եւ Նահանջեց Վերջին Դիրք

Գերմանական Պատեն-Պատեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Կրենքէ Չես Քլասիք»-ի ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքին 3-րդ հանգրուանին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով կը մրցէր աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը գրաւող իտալացի Ֆապիանօ Քարուանայի դէմ, կրեց մրցաշարքին իր առաջին պարտութիւնը` 40-րդ շարժումին: Արոնեան, որ ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած, իր կրած այս պարտութենէն ետք նահանջեց 8-րդ եւ վերջին դիրք (1 կէտով): Իր կարգին,...

Վալթեր Պօղոսեան` Ապաքինումի Ընթացքին Մէջ

Բանանց Երեւանի միջնապահ Վալթեր Պօղոսեան, որ նախորդ ամիս ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այժմ ապաքինումի ընթացքին մէջ է: ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին 22 տարեկան ֆութպոլիստը ըսաւ, որ քանի մը օր ետք պիտի սկսի հեծանիւով շատ թեթեւ մարզանքներ ընել: Ան այս ամսուան աւարտին հազիւ կը սկսի վազել, մինչ մրցումներու մասնակցութեան իմաստով ան հազիւ մարտի երկրորդ կէսէն ետք մրցումներ կատարէ: Պօղոսեան եզրափակեց,...

Page 1260 of 1274 1 … 1,259 1,260 1,261 … 1,274

Արխիւներ