Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 4 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ երթի մրցումներուն կարեւորագոյն ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Նշենք, որ երթի մրցումները կ՛աւարտին ուրբաթ, 6 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երբ նոյն վայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մութթահետ մրցումը: