Աւարտելով Սոչիի մէջ (Ռուսիա) այս տարուան իր առաջին արտասահմանեան ուսումնամարզական հաւաքը` Արարատ ֆութպոլի ակումբը վերադարձաւ Երեւան:
Խումբին միացան 10-է աւելի նորեկներ, որոնց հետ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Արարատ պայմանագրութիւններ ստորագրեց:
Նորեկ մարզիկներուն կարգին են` Կարէն Իսրայէլեան, Արամ Հայրապետեան, Վահէ Մարտիրոսեան եւ Գորիկ Խաչատրեան:
Մնացեալները օտար են, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը` աւելցնելով, որ 8-20 փետրուարին դարձեալ Սոչիի մէջ նախատեսուած է ուսումնամարզական այլ հաւաք մը եւս: