«Ինսայտ ուորլտ ֆութպոլ» կայքը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերը ծախսած են 130 միլիոն եւրօ: Այդ գումարին կէսը ծախսած են Արսենալ, Չելսի եւ Մանչեսթըր Սիթի:
35 ֆութպոլիստներ լքած են իրենց ակումբները: Անոնցմէ 10-ն տեղափոխուած են Անգլիայէն դուրս, մինչ 9 ուրիշներ իրենց ելոյթները պիտի շարունակեն «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ:
Կարգ մը ակումբներ փոխ առած են 10 ֆութպոլիստներ, որոնցմէ 4-ը` օտար ակումբներէ:
Նշենք, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման մրցանիշը հաստատուեցաւ 2011-ին, երբ ծախսուեցաւ 225 միլիոն եւրօ: