Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Ռիատիի յաղթանակով` 57-51 արդիւնքով (8-12, 12-11, 10-25 եւ 21-9):
Ինչպէս նկատելի է, Ռիատի կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 3-րդ քորթըրին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Ռիատի հանդիսացաւ երթի ախոյեան:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (14), ապա` Սանտրա Նաժըմ, Լէյլա Ֆարես (11-ական) եւ Մեղրի Թորոս (9):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն բացակայեցաւ Նաթալի Սվաճեան, որ օր մը առաջ փորձերու ընթացքին վիրաւորուած էր, իսկ Ռիատիէն բացակայ էր Շատա Նասըր: