Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին ֆետերասիոնը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի մարզիչներուն հետ:
Այս նիստը վարեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեան, որ քննարկեց 2015 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն ժամանակացոյցը:
Յստակացան նաեւ Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն, տարիքային ախոյեանութիւններուն յայտագիրներուն մանրամասնութիւնները:
ArmSport.am նաեւ կ՛աւելցնէ, որ նիստին ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ 2015-ին տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքերուն մասին: