Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանի մրցումները դարձեալ կրկնուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք նախապէս աւարտած էին հաւասարութեամբ:
5-րդ հանգրուանին իր տոմսը ապահովող վերջին խումբը եղաւ Լիվըրփուլ, որ Պոլթընի (Բ. դասակարգ) դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Այլ մրցումի մը, Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Քէյմպրիճ Եունայթըտին (Դ. դասակարգ):
Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը (մրցումները տեղի պիտի ունենան 14-15 փետրուարի շաբաթավերջին).
Քրիսթալ Փալաս – Լիվըրփուլ
Արսենալ – Միտըլզպորօ
Ասթոն Վիլա – Լայսթըր Սիթի
Ուեսթ Պրոմուիչ – Ուեսթ Համ
Պրետֆորտ – Սանտըրլենտ
Պլեքպըրն – Սթոք Սիթի
Տերպի Քաունթի – Ռիտինկ
Փրեսթըն Նորթ Էնտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ