Transmarket.de կայքը երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ իջեցուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը` 26 միլիոն եւրոյէն հասցնելով… 21 միլիոն եւրոյի:
Ֆութպոլիստին փոխանցման գինին անկումը պարզապէս հետեւանք է «Պունտըսլիկա»-ի մէջ անոր ունեցած ոչ այդքան լաւ խաղարկութեան:
ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ նոյն այդ կայքը ամրան ընթացքին Մխիթարեանի Եուվենթուս տեղափոխութիւնը հաւանական կը նկատէ 18 տոկոսով: