Մարզական

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Այս շաբաթավերջին կը սկսի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութիւնը, ուր ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Արզի դէմ: ՀՄԸՄ Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան կը մասնակցի Նուժումի, Անդրանիկի, Տինամօ Պէյրութի, Ֆ. Ք. Պէյրութի, Սապիլի, Աթլեթիքոյի, Սանհարիպի Նօ Լիմիթցի եւ Արզի կողքին: Իրենց վերջին փորձ-մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Բ. դասակարգի Սփորթինկ Ռիատի Պի. Էֆ. Էյ.-ի հետ, որուն մաս կը կազմեն...

Չեմփիընզ Լիկ.  Այսօր` Պարսելոնա – Ինթեր Միլան

Չեմփիընզ Լիկ. Այսօր` Պարսելոնա – Ինթեր Միլան

Այսօր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին գծով Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը: Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 6 անգամ հիւրընկալած է Ինթերը, 5 անգամ յաղթած եւ միայն 2022-2023 տարեշրջանին (3-3) հաւասարութիւն արձանագրած է, միշտ ալ դրական արդիւնք արձանագրելով: Պարսելոնա այժմ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` շահելէ ետք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակը, յաղթելով Ռէալ Մատրիտին 3-2 արդիւնքով, եւ...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ»  Քաուազաքի Ֆրոնթալէ Կ՛ուզէ Փաստել…

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ» Քաուազաքի Ֆրոնթալէ Կ՛ուզէ Փաստել…

Ճափոնի ակումբներէն Քաուազաքի Ֆրոնթալէ հասաւ Ասիոյ ֆութպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտական իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, դուրս ձգելէ ետք Քաթարի Սատտ խումբը 3-2 արդիւնքով: Ան այսօր պիտի մրցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր խումբին դէմ: 3 սէուտական խումբեր հասած են կիսաւարտական, ուր Ահլի եւ Հիլալ կը մրցին միւս կիսաւարտականին: Հիլալ սէուտական ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Ահլի` 4-րդ: Քաուազաքիի մարզիչ Շիկեթողի...

Լուքա Մոտրիչ Սուանսիի Սեփականատէր Դարձաւ

Լուքա Մոտրիչ Սուանսիի Սեփականատէր Դարձաւ

Ռէալ Մատրիտի պատմական միջնապահ Լուքա Մոտրիչ քանի մը օր առաջ դարձաւ Անգլիոյ Բ. դասակարգի Սուանսի ակումբի սեփականատէր: 6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Մոտրիչի տրամադրած գումարին մասին բան չյայտարարուեցաւ, բայց Սուանսի յայտնեց, թէ Մոտրիչի ներկայութիւնը առանձին կրնայ օգնել խումբին միջազգային համբաւին` յառաջդիմելով դաշտին վրայ թէ անկէ դուրս: 39 տարեկան Մոտրիչ տակաւին Ռէալ Մատրիտի եւ Խրուաթիոյ ազգային խումբին հետ կը խաղայ բարձր...

Էն. Պի. Էյ.  Քլիվլենտ 55 Կէտերու Տարբերութեամբ  Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Էն. Պի. Էյ. Քլիվլենտ 55 Կէտերու Տարբերութեամբ Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Քլիվլենտ Քեվելիրզ 55 կէտերու առաւելութեամբ յաղթեց Մայեմի Հիթին եւ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգելով զայն հասաւ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական փլէյ օֆի մէջ պատմութեան ամէնէն շատ տարբերութիւնը ձեռք ձգեց Քլիվլենտ, որ 4 մրցումներու ընթացքին 122 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Մայեմիի վրայ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Տենվըրի, որ 2009-ին 121 կէտի առաւելութեամբ դուրս ձգած էր Նիւ Օրլինզը: 4-րդ ճակատումի 55 կէտերու առաւելութիւնը փլէյ օֆի...

Թենիս.  Ալքարաս Նահանջեց 1 Դիրք

Թենիս. Ալքարաս Նահանջեց 1 Դիրք

Անցեալ շաբաթ շահելէ ետք Մոնթէ Քարլոյի թենիսի տղոց մրցաշարքը, սպանացի Քարլոս Ալքարաս գրաւած էր տղոց դասաւորման 2-րդ դիրքը: Սակայն շաբաթավերջին պարտուելէ ետք Պարսելոնայի մրցաշարքի աւարտականին Հոլկըր Ռունէէն, նահանջեց 3-րդ դիրք: Գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ վերագրաւեց իր 2-րդ դիրքը: Ռունէ այժմ կը գրաւէ 9-րդ դիրքը, մինչ Ռուսիոյ դրօշին տակ ներկայացնող Կարէն Խաչանով 27-րդ դիրքէն 25-րդ դիրք բարձրացաւ: Իտալացի Եաննիք Սինըր, որ յառաջիկայ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ռիատիի Դէմ (77-73)

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ռիատիի Դէմ (77-73)

Կիրակի գիշեր վերջ գտաւ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 17-րդ եւ նախավերջին հանգրուանը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Անթիլիաս (3-րդ) բուռն պայքարէ ետք պարտութեան մատնեց առաջին դիրքը գրաւող Ռիատին` 77-73 արդիւնքով: Ռիատի, որ միայն 1 պարտութիւն կրած էր, այդ ալ` Ազուրէն (երթին), կրցաւ օգտուիլ ՀՄԸՄ Անթիլիասի քիչ մը դանդաղ սկիզբէն եւ առաջին մասը աւարտել 2016 արդիւնքով: Բ. մասին ՀՄԸՄ աւելի լաւ էր, կրցաւ լաւ...

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շհիմ Ռիատի 5-0

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շհիմ Ռիատի 5-0

Լեռնալիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5-0 արդիւնքով կը յաղթէր Շհիմ Ռիատիի դէմ, երբ մրցակիցը լքեց դաշտը 5-րդ կոլէն ետք` 50-րդ վայրկեանին: Արդէն իսկ «առանց ախորժակ»-ի դաշտ ներկայացած մրցակիցը մրցումի սկիզբէն կարծէք առիթ կը փորձէր գտնել կիսատ լքելու զայն, մանաւանդ անցեալ շաբթուան 10-1 արդիւնքով ծանր պարտութենէն ետք: 4-րդ վայրկեանին, Ալեք Աշճեան բացաւ մրցումին հաշիւը, ապա...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթելէ Ետք Անդրանիկին  (83-79) Բարձրացաւ 4-րդ Դիրք

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթելէ Ետք Անդրանիկին (83-79) Բարձրացաւ 4-րդ Դիրք

Երէկ, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Անդրանիկի դէմ 83-79 արդիւնքով եւ բարձրացաւ 4-րդ դիրքի` 14 հանգրուանէ ետք: ՀՄԸՄ, որմէ կը բացակայէր 3 կէտեր նշանակելու վարպետ Կերի Չիւիչեան (վիրաւոր), կրցաւ մրցումին սկիզբէն իսկ տիրապետել եւ 22-18 արդիւնքով յառաջանալ առաջին մասին: Բ. մասին 29 կէտի դիմաց Անդրանիկ 18 կէտ եւս նշանակեց, եւ ՀՄԸՄ 3-րդ մասին...

Էն. Պի. Էյ.  Լէյքըրզի Դիրքը Վտանգուեցաւ

Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզի Դիրքը Վտանգուեցաւ

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ իր դաշտին վրայ 12 կէտով ետ մնալէ ետք վերջին մասին, կրցաւ լաւ պաշտպանելով եւ անշուշտ լաւ յարձակելով պարտութիւնը յաղթանակի վերածել Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ եւ յաղթել 116-113 արդիւնքով: Մինեսոթա լաւ ձեւով կրցաւ պաշտպանել առնուազն վերջին վայրկեաններուն` ճնշելով Լուքա Տոնչիչի եւ Լըպրոն Ճէյմսնի վրայ, մինչ Անթոնի Էտուըրտծ 43 կէտ նշանակեց եւ վերջին 10 երկվայրկեաններուն ֆաուլ մը շահեցաւ Լըպրոնէն` նշանակելով...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ Անգլիոյ Ախոյեան 20-րդ Անգամ Ըլլալով

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Անգլիոյ Ախոյեան 20-րդ Անգամ Ըլլալով

Կիրակի օր Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանին Լիվըրփուլ 20-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Անգլիոյ, ախոյեան` հաւասարելով Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցանիշին: Իր վերջին մրցումին, Լիվըրփուլ 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոթենհամի դէմ, հակառակ անոր որ 12-րդ վայրկեանին Սոլանքէ ինք նշանակած էր Թոթենհամի միակ եւ մրցումի առաջին կոլը: Լուիս Տիաս, Ալեքսիս Մաքալիսթըր, Քոտի Կաքփօ, Մոհամետ Սալահ եւ Տեսթընի Ուտոկի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին...

«Սերի Ա.».  Նափոլի Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

«Սերի Ա.». Նափոլի Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանը անակնկալներով հարուստ էր, ուր Ինթեր Միլան իր դաշտին վրայ պարտուելէ ետք Ռոմայէն, գրաւեց Բ. դիրքը, իսկ Նափոլի, ո կոլերով 2-րդ դիրքը կը գրաւէր, բարձրացաւ պարագլուխի դիրք` յաղթելէ ետք Թորինոյին 2-0 արդիւնքով: Սկովտիացի Սքոթ Մոքթոմինէյ 2 կոլեր նշանակեց ի նպաստ Նափոլիի, որ համեմատաբար աւելի դիւրին մրցակիցներ ունի` Լեչէն, Ճենովան, Փարման եւ Քալիարին: Ինթեր կոլ մը ստացաւ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Անդրանիկի: Երկու խումբերն ալ իրենց 13 մրցումներէն 7-ն կրցած են յաղթել, իսկ երթին, 3-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ կրցած էր 97-94 արդիւնքով յաղթել Մըզհերի մէջ: Այդ օրուան մրցումէն ետք երկու խումբերն ալ մէկական օտար մարզիկներ փոխած են, ուր ՀՄԸՄ ունէր Աքսել Թուփանը, իսկ Անդրանիկ` Անթոնի Ֆէյրլին: Այժմ...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Շաբաթ Օր Կրնայ Ախոյեան Դառնալ

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Շաբաթ Օր Կրնայ Ախոյեան Դառնալ

Պայերն Միւնիխ այս շաբաթ օր կրնայ Գերմանիոյ ախոյեան դառնալ` շահելով «Պունտըսլիկա»-ի իր 34-րդ տիտղոսը, եթէ անշուշտ Լայփցիկի դէմ դրական արդիւնք արձանագրէ: Շաբաթավերջին Պայերն 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայնցը` շնորհիւ Լիրոյ Սանէի, Մայքըլ Օլիսէի եւ Էրիք Տայըրի կոլերուն: Սանէ 2 անգամ գնդակը դպցուց Մայնցի բերդի սիւնին: Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 2 յաջորդական հաւասարութիւններէ ետք կրցաւ յաղթել Աուկզպուրկի Պայերնի տիտղոսը յետաձգելով...

«Լիկ 1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Առաջին  Պարտութիւնը Կրեց

«Լիկ 1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Առաջին Պարտութիւնը Կրեց

Ֆրանսայի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանին, արդէն իսկ ախոյեանութեան տիտղոսը շահած Փարիզ Սեն Ժերմեն այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրեց, այդ ալ իր «Փարք տը Փրենս» դաշտին վրայ, Նիսի դէմ մրցումին: Նիս, որ կը պայքարի եւրոպական բաժակներէն մէկուն մասնակցելու դիրք գրաւելու համար, իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Մորկըն Սանսոնի (2) եւ Եուսուֆ Էնտայիշիմիէի, մինչ Ֆապիան Ռուիս նշանակած էր Փարիզի միակ կոլը: Մոնփելիէ արդէն...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Պարսելոնա 32-րդ Տիտղոսը Շահեցաւ

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Պարսելոնա 32-րդ Տիտղոսը Շահեցաւ

Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի 3-րդ «Քլասիքօ»-ն, ուր Քոփա Տել Ռէյի աւարտականին Պարսելոնա կրցաւ երկարաձգման ընթացքին 3-2 արդիւնքով յաղթել Ռէալ Մատրիտին: 3 յաջորդական յաղթանակներով Պարսելոնա վերջին անգամ 2 տարի առաջ յաղթած էր Մատրիտին 3 անգամ եւ 32-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Սպանիոյ բաժակակիր (մրցանիշ): Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա գրեթէ ամբողջութեամբ տիրապետեց եւ կոլերու առիթներ ստեղծեց Ռէալի բերդին առջեւ, եւ օրուան հերոսը`...

«Փրեմիեր Լիկ».  Իփսուիչ Փոխանցուեցաւ Բ. Դասակարգ

«Փրեմիեր Լիկ». Իփսուիչ Փոխանցուեցաւ Բ. Դասակարգ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նիւ Քեսըլէն 3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք, Իփսուիչ վերադարձաւ Բ. դասակարգ («Չեմփիընշիփ»)` մէկ տարեշրջան բարձրանալէ ետք «Փրեմիեր լիկ»: Անցեալ շաբաթ Լեսթըր Սիթի իր կարգին... ապահոված էր իր տոմսը, մինչ Սաութհեմփթըն մօտ 20 օր առաջ արդէն իսկ յոյս չունէր փրկուելու, եւ երեք խումբերն ալ 1 տարեշրջան միայն կրցան մնալ «Փրեմիեր լիկ»: Սաութհեմփթըն մրցանիշ արձանագրած էր... ամէնէն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Օքլահոմա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր շաբաթավերջին դարձաւ առաջին խումբը, որ կը հասնի «Էն. Պի. Էյ.»-ի քառորդ աւարտական (Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական)` իր 4-րդ մրցումը յաղթելէ ետք Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ: Մեմֆիս, որ կը խաղար առանց իր վիրաւոր աստղ Ճա Մըրենթի, շատ դժուար մրցակից էր Թանտըրի համար, որ 2 կէտի առաւելութեամբ յաղթանակ արձանագրեց: Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, մինչ Սքոթի Փեփընի զաւակը`...

Աթլեթիզմ.  Վարհոլմ 300 Մեթր Արգելարշաւի  Նոր Մրցանիշ Արձանագրեց

Աթլեթիզմ. Վարհոլմ 300 Մեթր Արգելարշաւի Նոր Մրցանիշ Արձանագրեց

29 տարեկան նորվեկիացի աթլեթ Քարսթըն Վարհոլմ շաբաթ օր Չինաստանի Զիամեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի «Տայմընտ լիկ» մրցաշարքի նոր մրցանիշ մը արձանագրեց, տղոց 300 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն արձանագրելով 33,05 երկվայրկեան: Վարհոլմ, որ 400 մեթր արգելարշաւի ոսկի մետալը շահած էր 2020 Թոքիոյի Ողիմպիականին եւ արծաթ մետալ` անցեալ տարի Փարիզի մէջ, բարելաւեց 2021-ին իր արձանագրած մրցանիշը (33-26): Աղջկանց 1000 մեթր վազքի մրցանիշ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Սուրայ Դէպի Ֆայնըլ 4

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Սուրայ Դէպի Ֆայնըլ 4

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը երեքշաբթի երեկոյեան 80-34 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը: Առաջին մասին 28-5 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ Անթիլիաս կիսախաղ մտաւ 51-16 արդիւնքով եւ Գ. մասին 75-25 արդիւնքով աւարտելէ ետք իր պահեստի բոլոր մարզիկներուն ալ դաշտ ներկայացուց ձեւով մը մրցումի մթնոլորտին մէջ ըլլալու համար, մանաւանդ որ ֆայնըլ 4-ի մրցումները կը մօտենան, եւ հիմնական մարզիկները աւելի հանգիստի պէտք ունին դժուար մրցումներու...

Page 126 of 1275 1 … 125 126 127 … 1,275

Արխիւներ