Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզի Դիրքը Վտանգուեցաւ

April 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ իր դաշտին վրայ 12 կէտով ետ մնալէ ետք վերջին մասին, կրցաւ լաւ պաշտպանելով եւ անշուշտ լաւ յարձակելով պարտութիւնը յաղթանակի վերածել Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ եւ յաղթել 116-113 արդիւնքով:

Մինեսոթա լաւ ձեւով կրցաւ պաշտպանել առնուազն վերջին վայրկեաններուն` ճնշելով Լուքա Տոնչիչի եւ Լըպրոն Ճէյմսնի վրայ, մինչ Անթոնի Էտուըրտծ 43 կէտ նշանակեց եւ վերջին 10 երկվայրկեաններուն ֆաուլ մը շահեցաւ Լըպրոնէն` նշանակելով իր 2 ազատ հարուածները, երբ արդիւնքը 113-114 էր:

Ճուլիըս Ռենտըլ (25 կէտ) եւ Ճէյտըն Մըքտենիըլզ (16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եղան Մինեսոթայի լաւագոյն մարզիկներէն: Այժմ Լէյքըրզ շատ դժուար պարտականութիւն ունի եւ պէտք է մնացեալ 3 ճակատումներն ալ յաղթէ:

Այլ խումբ մը` Նիւ Եորք Նիքս կրցաւ իր 3-րդ յաղթանակը ապահովել Տիթրոյիթ Փիսթընզի վրայ 94-93 արդիւնքով եւ իրաւարարի սխալով…

Արդարեւ, Թիմ Հարտըուէյ Ճունիոր 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց պազըր պիթըրէն ակնթարթ մը առաջ, երբ մրցակից Ճոշ Հարթ անոր ձեռքին դպաւ, բայց… սուլիչ չկար: Մրցումէն ետք սեղանի իրաւարարը յայտնեց, որ կրկնութեան պահուն նկատած էին, թէ Հարտուէյ ֆաուլի ենթարկուած էր, բայց իրաւարարները նկատած չէին: Տիթրոյիթի չար բախտը հաւանաբար պատճառ դառնայ, որ մրցում մը եւս կորսնցնելով դուրս մնայ:

Ճէյլըն Պրանսըն (32 կէտ եւ 11 էսիսթ) եւ Քարլ-Անթոնի Թաունզ (27 կէտ) եղան Նիւ Եորքի հերոսները` Տիթրոյիթի մէջ, ուր Քէյտ Քանինկհեմ թրիփըլ տապըլ իրագործեց (25 կէտ, 10 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ), սակայն ասիկա իր խումբին համար բաւարար չէր:

Պոսթըն Սելթիքս 107-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը` յաղթելով իր 3-րդ ճակատումը, ուր Ճէյսըն Թէյթըմ 37 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ինտիանա Փէյսըրզ իր կարգին 3-րդ յաղթանակը տօնեց Միլուոքի Պաքսի դէմ (129-103), ուր Միլուոքի, որ վիրաւորներով «հարուստ» տարեշրջան կը բոլորէ, անգամ մը եւս կորսնցուց Տեմիըն Լիլըրտը, որ վիրաւորուեցաւ մրցումի պահուն:

 

Նախորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Անգլիոյ Ախոյեան 20-րդ Անգամ Ըլլալով

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթելէ Ետք Անդրանիկին (83-79) Բարձրացաւ 4-րդ Դիրք

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.