Լեռնալիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5-0 արդիւնքով կը յաղթէր Շհիմ Ռիատիի դէմ, երբ մրցակիցը լքեց դաշտը 5-րդ կոլէն ետք` 50-րդ վայրկեանին:
Արդէն իսկ «առանց ախորժակ»-ի դաշտ ներկայացած մրցակիցը մրցումի սկիզբէն կարծէք առիթ կը փորձէր գտնել կիսատ լքելու զայն, մանաւանդ անցեալ շաբթուան 10-1 արդիւնքով ծանր պարտութենէն ետք:
4-րդ վայրկեանին, Ալեք Աշճեան բացաւ մրցումին հաշիւը, ապա Սերժ Օսքեան 13-րդ եւ 41-րդ վայրկեաններուն աւելցուց 2 այլ կոլեր, մինչ հազիւ սկսած երկրորդ կիսախաղը Տիգրան Վարդան աւելցուց 4-րդ կոլը, որմէ 4 վայրկեան ետք Սերժ Իտ հեթ-թրիքը ամբողջացուց` մրցակիցին քաշուելէն առաջ…
Սերժ մրցումին սկիզբէն դաշտ ներկայացած էր Մուսաուիի փոխարէն, մինչ Յակոբ Նաճարեան իր կարգին վերադարձած էր եւ փոխարինած Քարլոս Թոմասը, իսկ վեթերան Տունկա Սենտոսին տեղ կը խաղար կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ:
Սաֆա Շուէյֆաթ, որ իր առաջին մրցումին 10-1 արդիւնքով յաղթած էր Շհիմին 3-2 արդիւնքով, դժուար յաղթանակ մը տարաւ Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ, մինչ Ուահտէ Շհիմ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մասիսին:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ԿԷՏ | |
1.- Սաֆա – Շուէյֆաթ | 6 (13-3) |
2.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ | 6 (9-1) |
3.- Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ | 3 (5-4) |
4.- Ուահտէ Շհիմ | 3 (3-4) |
5.- Մասիս | 0 (2-6) |
6.- Շհիմ Ռիատի | 0 (1-15) |
Գ. հանգրուանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ, Մասիս` Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի, իսկ Շհիմ Ռիատի` Ուահտէ Շհիմի դէմ: